2013-03-06 10:18:17

Զուիցերիոյ Եպիսկոպոսներու Քաջալերական Նամակը Հիւանդներուն` ''Քրիստոսի մէջ փնտռել ոյժ եւ յոյս''։


''Լիայոյս ու յարատեւող աղօթքը, վստահաբար ոյժ կը պարգեւէ եւ կարելիութիւն կու տայ վերստանալու արժանաւորութիւն'' կը գրէ գերապայծառ Ժոզէֆ Ռոտուի, յանուն Զուիցերիոյ եպիսկոպոսներուն, հիւանդին օրուան առթիւ ( 6 մարտ)։ Եպիսկոպոսները կը քաջալերեն հիւանդները արիութիւն ու յոյս գտնելու Քրիստոսի մէջ։ Նշենք որ Զուիցերիոյ մէջ աւանդաբար մարտ ամիսը առողջապահութեան նուիրուած է։ Եպիսկոպոսները իրենց հովուական նամակին մէջ կը խրախուսեն հաւատացեալները մշակելու համբերութիւնը` աղբիւրը հեզութեան, պարզութեան, հաւատքի ու յոյսի։ Այդ ուղղութեամբ Պօղոս առաքեալը կը գրէ. ''մարմինը որ մեր բնակարանն է այս աշխարհի վրայ, պիտի կործանի, սակայն Տէրը մեզի համար պատրաստեց յաւիտենական բնակարան մը, որ մարդոց աշխատանքը չէ։ Այդ բնակարանը մեր իւրաքանչիւրին մէջն է։ Տարիքի բերումով մեր գործունէութիւնը կը նուազի, ժամանակն է ճանչնալու ներքին արժէքները'' այս կը կարդանք Զուիցերիոյ եպիսկոպոսներու նամակին մէջ։ Եպիսկոպոսները երախտագիտութեան ու գնահատանքի խօսք կ'ուղղեն բոլոր անոնց որոնք հոգատարութեամբ կը խնամեն հիւանդներն ու տարեցները։ Զանոնք սիրել ու անոնց ծառայել կը նշանակէ սիրել ու ծառայել Տիրոջ անձամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.